2013-04-23 11:45:45

Կարտինալ Սանտրիի Դասախօսութիւնը` ''Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովը Եւ Արեւելցիները'' Նիւթին Մասին։


Հաւատքի տարւոյն առթիւ Հռոմի Ռումանական քահանայապետական դպրեվանքը նախաձեռնած է շարք մը դասախօսութիւններ։ Կարտինալ Լեոնարտօ Սանտրի` կառավարիչը արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին 18 ապրիլին բացումը կատարեց դասախօսութիւններու շարքին, նիւթ ընտրելով ''Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը եւ արեւելցիները''։ Դասախօսութիւնը ունի 5 ստորաբաժանումներ.
Առաջին. Քրիստոնեայ Արեւելքը Վատիկանեան ժողովի վաւերաթուղթերու մէջ։
Երկրորդ. Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներուն առաքելական ճանաչումը։
Երրորդ. Արեւելեան եկեղեցիները ու լատին եկեղեցին կը կազմեն կաթողիկէ եկեղեցին եւ հետեւաբար հաւասար են արժանաւորութեամբ ու կը վայելեն հաւասար իրաւունք ու պարտականութիւն։
Չորրորդ. Եկեղեցական ու ծիսական ինքնութիւնը կ'ընկերանան ամէն տեղ արեւելցի կաթողիկէներուն։
Հինգերրորդ. Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներուն համամիութենական առաքելութիւնը։
Կարինալ Սանտրին իր դասախօսութեան սկիզբը մատնանշեց որ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին մասնակցեցան արեւելցի 200 հայրապետներ, 2000 լատին եպիսկոպոսի վրայ։ Արեւելքի եպիսկոպոսներու նպաստը յատկանշական եղաւ երկու վաւերաթուղթերու պատրաստութեան, հայող՝ համամիութեան ու Արեւելեան եկեղեցիներուն։
Այս երկու վաւերաթուղթերը ներշնչուած են ''դաւանական սահմանադրութիւն'' վաւերաթուղթէն, որ կը խօսի արեւելեան եկեղեցիներու ինքնութեան մասին։ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ այդ վաւերաթուղթերու հիման վրայ 18 հոկտեմբեր 1990-ին վաւերացուց Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրքը։
Ապա կարտինալ Սանտրի խօսեցաւ արեւելեան եկեղեցիներու մասին որպէս անկախ եւ ինքնուրոյն նուիրապետութիւններ եւ արեւելեան ծէսերու մասին, մատնանշելով որ ամէն մէկ ծէս ցոլացումն է համայնքի մը մշակոյթի մը ու պատմութեան։
Հուսկ Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը ընդգծեց թէ ինչպէս կաթողիկէ եկեղեցին նախանձախնդիր է Արեւելեան եկեղեցիներու հաւատացեալներու պահպանումին ու պաշտպանութեան։ Այս նուիրապետութիւններուն իրաւունք տալով որ իրենց հաւատացեալները պահեն իրենց եկեղեցական ինքնութիւնն ու ծէսը, ուր որ ալ գտնուին անոնք։
Կարտինալ Սանտրի իր դասախօսութիւնը եզրափակեց շեշտը դնելով արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու առաքելութեան վրայ, մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խօսքը, Տիեզերական ժողովի աշխատանքը համամիութեան մասին անվերադարձ է, եւ արեւելեան եկեղեցիներու աւանդութիւնները անբաժան մասն են համայն եկեղեցւոյ ժառանգութեան, ներառեալ լատին եկեղեցին։
Կարտինալը իր խօսքը աւարտեց մէջբերելով ֆրանչիսկոս քահանայապետին Աւագ Ուրբաթ օրը ՜՜ճանապարհ խաչի՝՝ բարեպաշտութեան աւարտին արտասանած խօսքը. քրիստոնեաները պէտք է բարիքով պատասխանեն չարին , Յիսուսի նման ՜՜խաչը գրկելով՝՝։ Ընթանանք խաչի ճանապարհով, մեր սրտին մէջ պահելով սիրոյ եւ ներումի խօսքերը, ընթանանք սպասելով Յարութիւնը Յիսուսի, որ այնքան մեզ կը սիրէ։ Յիսուս համակ սէր է։ Խաչը մեզ ամէնքս կը միացնէ։ Այս է իմ բարեմաղթութիւնը ուղղուած ամէն դաւանանքի, ամէն կրօնքի, բարի կամք ունեցող ամէն անհատին։ Մեր միտքը բերենք քրիստոնեաները Ս. Երկրի, Սուրիոյ, Իրաքի ինչպէս նաեւ Ռումանիայի քրիստոնեաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.